Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի բանակայինները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրի ուղղութեամբ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ապրիլ 20, ժամը 02.30-ի շուրջ, Ազերպայճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրին ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասուած է գիւղի բնակելի տուներէն մէկուն տանիքին տեղադրուած արեգակնային ջեռուցման վահանը։

Վիրաւոր չկայ:

«Ազերպայճանական կողմին կոչ կ՚ուղղենք հետաքննելու Խոզնավարի բնակելի տան գնդակոծման դէպքը եւ հանդէս գալու հրապարակային պարզաբանումներով»,– նշուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Կրակոցները արձանագրուած են նաեւ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան կողմէ։