Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև Սեպտեմբեր 29-ին իր նստավայրին մէջ ընդունած է նախագահ Մաքրոնի աշխատակազմի ցամաքամասային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերու խորհրդական Իզապել Տիւմոնը:
Ալիեւ ու Տիւմոն քննարկած են երկկողմ կապերու եւ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ներառեալ՝ սահմանազատման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման առնչուող հարցեր:
«Ինթերֆաքս-Ազերպայճան» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ալիև ընդգծած է շարք մը մարդասիրական հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը: Ան այդ առումով խօսած է իրենց հսկողութեան վերադարձուած տարածքներու ականազերծման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք անհետացած համարուող շուրջ 4 հազար Ազերպայճանցիներու ճակատագրին մասին:
«Քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս»,– նշուած է Պաքուի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։