Ալիեւ կը պնդէ՝ «Ղարաբաղի Հայերէն դրական ազդակներ կը ստանամ եւ սկսած են առաջին շփումները», բայց թէ ի՞նչ մակարդակի են այդ «շփումները» եւ ի՞նչ «դրական ազդակներ» նկատի ունի, Ազերպայճանի նախագահը չէ յստակացուցած։ Իսկ Ստեփանակերտ առայժմ չէ արձագանգած Պաքուէն բարձր մակարդակով հնչող այս յայտարարութեան։
“Ազերպայճան՝ Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերը կը համարէ իր քաղաքացիները։ Կը յուսանք, որ անոնք նոյնպէս շուտով կը հասկնան, որ ըլլալով Ազերպայճանի քաղաքացիներ, կը ստանան բոլոր իրաւունքներն ու ազատութիւնները եւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովուած կ՚ըլլայ”,– յայտարարած է Ալիեւ՝ Արցախի բնակչութեան կոչ ընելով «վերջ դնելու թշնամանքին» եւ «մեկուսացնելու անջատողականները»։