Դեկտեմբեր 28-ին, Ազերպայճան բողոքագիր յղած է Փարիզին՝ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով «Ֆրանսայի քաղաքական տարբեր հոսանքներու կողմէ Պաքուի դէմ կողմնակալ եւ զրպարտող արշաւին կապակցութեամբ, որ պիտի չարժանանայ Ֆրանսայի կառավարութեան անհրաժեշտ հակազդեցութեան»։ APA գործակալութեան համաձայն՝ բողոքագիրը նոյն օրը յանձնուած է Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Պուայոնի։
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու կողմէ Le Monde-ի մէջ հրապարակուած նամակը, ուր նշեալ գործիչները կը պահանջեն բանալ Բերձորի միջանցքը, Ազերպայճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը նշած է. «Վերոյիշեալ նամակը Ֆրանսայի մէջ իրականացուող հակաազերպայճանական քայլերու նպատակաուղղուած եւ համակարգուած շարունակութիւնն է։
Ըստ Պաքուի՝ «հարկ է, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը անյապաղ ձեռնարկէ համապատասխան քայլերու՝ վերջ տալու համար Ազերպայճանի դէմ ձեռնարկուած արշաւին»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագրին մէջ։