Դեկտեմբեր 29-ին, Հունգարիոյ միջնորդութեամբ, Ազէրպայճան Հայաստանին յանձնած է հինգ հայ ռազմագերի, որոնք գերեվարուած էին Նոյեմբեր 16-ին տեղի ունեցած մարտերու ժամանակ։
Լուրը հաղորդած է ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Ազէրպայճանի պատանդներու և անհետացածներու հարցերու պետական յանձնաժողովին։
«Մարդասիրական սկզբունքներով առաջնորդուելով՝ Ազէրպայճան 2021 Դեկտեմբեր 29-ին Հունգարիոյ միջնորդութեամբ հայկական կողմին յանձնած է հինգ հայ ռազմագերիներ»,– նշուած է ռուսական գործակալութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։