Ազէրպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ կրկին յայտարարած է, թէ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար՝ Հայաստան պէտք է հրաժարի Ազէրպայճանի նկատմամբ հողային պահանջներէն։ Ան նշած է, թէ ազէրպայճանական կողմը հայկականին յանձնած է հինգ կէտէ բաղկացած փաստաթուղթ, որ «կը ներառէ Հելսինքեան համաձայնագրերու սկզբունքները»։
“Մենք հայկական կողմին ներկայացուցինք խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական սկզբունքները, որոնք ձեւակերպուած են միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու հիման վրայ”,– յայտարարած է Հաճիեւ` շեշտելով, որ եթէ Երեւան կը փափաքի յարաբերութիւնները կարգաւորել, պէտք է սկսի առաջին եւ ամէնէն կարեւոր սա կէտէն.– «Հայաստան եւ Ազէրպայճան պէտք է ճանչնան իրարու հողային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, ինչպէս նաեւ զերծ մնան հողային ամբողջականութեան դէմ ուժի կիրարկումէն եւ ուժի սպառնալիքէն»:
Ըստ Հաճիեւի՝ երբ «Հայաստան վերջ տայ Ազէրպայճանի նկատմամբ հողային պահանջներուն», այն ատեն կարելի կ՚ըլլայ յառաջանալ: ■