Ազէրպայճանի մէջ ստեղծուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման համար յատուկ յանձնաժողով։
Այսպէս, Ազէրպայճանի Մշակոյթի նախարար Անար Քերիմով երկրի լրասփիւռներուն յայտնած է, թէ յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են մասնագէտներ, որոնք կը տիրապետեն Ալպանիոյ պատմութեան, մշակոյթին եւ գրչութեան։ “Հայերը հետքեր թողած են մեր յուշարձաններուն վրայ, այդ կապակցութեամբ այժմ ապացոյցներ կը հաւաքենք”,– ըսած է Քերիմով, շարունակելով՝ քրիստոնէական եկեղեցիներուն ալպանական պատկանելիութիւն վերագրող կեղծիքի ու սուտի քաղաքականութիւնը։
“Այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին ալպանագիտութեան ոլորտի միջազգային փորձագէտներու հետ, կը նախատեսուի զանոնք հրաւիրել Ազէրպայճան։ Ինչպէս գիտէք, մենք ապահովութեան նկատառումներէ ելլելով չենք կրնար երթալ այդ տարածքները։ Յաջորդ փուլերուն, տեղական եւ միջազգային փորձագէտներու հետ պիտի այցելենք այն տարածքները, ուր կը գտնուին հայկականացուած ալպանական յուշարձանները, բոլոր փաստերը պիտի արձանագրուին եւ պիտի ներկայացուին միջազգային հանրութեան”,– ըսած է նախարարը։
Մինչ այդ, Ազէրպայճանի իշխանութիւնները կտրականապէս կը մերժեն թոյլ տալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներուն մուտք գործել իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ։ Պատճառները ակնյայտ են․ ազէրպայճանական կողմին ժամանակ պէտք է «ապացոյցները» կեղծելու համար։