Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալէն Սիմոնեան ստանձնած է Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները

ՀՀ Ազգային ժողովը նախագահը ստորագրած է Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ նախագահի լիազօրութիւնները դադրած համարելու վերաբերեալ արձանագրութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ազգային ժողովի կայքէն։

Մինչև նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։ Իսկ Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կը ստանձնէ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան։