CCAF-ի եւ CHREDO-ի հասարակաց հաղորդագրութիւնը
Ալիեւի՝ Յունուար 12-ին իր երկրի խումբ մը լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին՝ վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան առնչութեամբ՝ Իլ-տը-Ֆրանսի խորհուրդի նախագահուհի, Ֆրանսայի նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Վալերի Փեքրէսի հասցէին ունեցած սպառնալից յայտարարութիւնները կը շարունակեն հակազդեցութիւններ առթել։
Այս մասին հասարակաց հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են նաեւ CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը եւ Իլ-տը-Ֆրանսի խորհուրդի փոխնախագահ, Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան ընկերակցութեան՝ CHREDO-ի նախագահ Փաթրիք Քարամ։
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է.-
«Յունուար 12-ին հեռատեսիլի տեղական կայաններուն տուած հարցազրոյցին՝ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2021 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին Վալերի Փեքրէսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կատարած այցի մասին ըսաւ. “Եթէ մենք իմանայինք Վալերի Փեքրէսի վերջին անօրինական այցին մասին, չէինք թողեր որ վերադառնայ”։ Նշելով՝ “չէինք թողեր, որ [Վալերի Փեքրէսը] վերադառնայ”, Ազէրպայճանի ղեկավարը արդեօք նկատի ունի, որ կը սպանէ՞ր զայն, կամ նուազագոյնը՝ կը ձերբակալէ՞ր, կը նետէր բանտ ու կը խոշտանգէ՞ր՝ համաձայն այս պետութեան աւանդական գործելակերպին, պետութիւն որ՝ իրաւապաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններու վարկանշային աղիւսակներու ամենացած դիրքերը կը գրաւէ:
CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան եւ CHREDO-ի նախագահ Փաթրիք Քարամ կը դատապարտեն հեռատեսիլէն սփռուած այս յայտարարութիւնները, որոնք որքան սպառնալիք են Վալերի Փեքրէսի հասցէին յղուած, նոյնքան ալ ատելութիւն կը հրահրեն անոր դէմ:
Նախագահութեան թեկնածուին նկատմամբ այս սպառնալիքներուն համար, անոնք (Թորանեան, Փափազեան եւ Քարամ) կոչ կ՚ընեն Ֆրանսային՝ բացատրութիւն եւ ներողութիւն պահանջելու, եւ ատոնց չկատարուելու պարագային՝ ետ կանչելու Պաքուի իր դեսպանը եւ արտաքսելու Ֆրանսայի մէջ Ազէրպայճանի դեսպանը։
Տեղւոյն վրայ իր զօրակցութիւնը ցոյց տալով աշխարհէն կտրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն,– զորս Ազէրպայճանի նախագահը կը փափաքի “որսալ շուներու պէս”,– Վալերի Փեքրէս արեւելեան քրիստոնեաներու, ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան իր երկարատեւ պայքարն է, որ կը շարունակէ։ Այժմ Ֆրանսայի եւ անոր իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է նո՛յն զօրակցութիւնը ցուցաբերել այս ընտրեալին: Քաղաքական բոլոր հոսանքներէ անդին՝ մեր Հանրապետութեան պատիւն է, որ խնդրոյ առարկայ է։
Փաթրիք ՔԱՐԱՄ, CHREDO-ի նախագահ,
Մուրատ ՓԱՓԱԶԵԱՆ,
Արա ԹՈՐԱՆԵԱՆ, CCAF-ի համանախագահներ»