Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ Հադրութի մէջ յայտարարած է յատուկ առաքելութեամբ զինուորական գումարտակի մը ստեղծման մասին

Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև,– իր տղուն՝ Հէյտար Ալիեւի հետ,–Դեկտեմբեր 24-ին այցելած է Արցախի՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Հադրութի շրջանը, ուր մասնակցած է նոր զօրամասի բացման արարողութեան:

Minval.az-ի համաձայն՝ Ալիեւ մանրամասնած է, թէ նոր զօրաբաժինին մէջ ստեղծուած է՝ «յատուկ առաքելութեամբ զինուորական գումարտակ մը, ուր պիտի ծառայեն՝ իրենց կեանքը հայրենիքին զոհաբերելու պատրաստ զինուորականներ, որ զգալիօրէն կը բարձրացնեն ազէրական բանակի ռազմական հզօրութիւնը»։ Ան շարունակած է, թէ «պատերազմէն յետոյ Ազէրպայճան ոչ միայն չէ կրճատած բանակի ծախսերը, այլեւ, ընդհակառակն,  աւելցուցած է»:

Ազէրպայճանական լրասփիւռները հաղորդած են, թէ Ալիեւ նոյն օրը հնչեցուցած իր յայտարարութիւններով սպառնալիքներ կատարած է Հայաստանի հասցէին.– «Եթէ Հայաստան փորձէ կրկին մեզի համար վտանգի աղբիւր հանդիսանալ, ապա անոնց (Հայաստանի) վերջը պիտի ըլլայ, այնպէս՝ ինչպէս Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին եղաւ»։