Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ յայտնած է «Զանգեզուրի միջանցքի» հարցով «Հայաստանի կողմէ դրական ազդանշաններու» մասին

Յունուար 25-ին, Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեսակապի միջոցով «ընդունած» է Իրանի Ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար, տնտեսական համագործակցութեան երկու երկիրներու միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Ռոստամ Ղասեմիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

«Ազէրթաճ»-ի համաձայն՝ Ալիեւ յայտարարած է պատերազմէն ետք ի յայտ եկած «նոր հիանալի կարելիութիւններու»-ն մասին։ “Պատերազմէն յետոյ Իրանի եւ Ազէրպայճանի յարաբերութիւններն ալ աւելի ընդլայնած են։ Ստեղծուած է շատ խոստմնալից 3+3 համագործակցութեան հարթակ՝ տարածաշրջանային գործակցութիւնը զարգացնելու համար։

Երէկ (Յունուար 24-ին – «ՆՅ») ծանօթացանք նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի ստեղծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Յաջողութեամբ կը կառուցուին ճանապարհներ եւ երկաթուղիներ։ Մենք դրական լուրեր կը ստանանք Հայաստանէն, որ իր կարգին կը նախատեսէ սկսիլ աշխատանքները։ Կը յուսամ, որ յետպատերազմեան շրջանը նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ ամբողջ տարածաշրջանին համար։ Ի հարկէ, շատ կարեւոր է նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներդրումը այս գործին մէջ”,– ըսած է Ազէրպայճանի նախագահը։