Փաշինեանի յայտարարութիւնը հանրութեան մէջ յառաջացուցած է լուրջ մտահոգութիւններ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 13-ին հրատապ խորհրդակցութեան հրաւիրած է խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները, Արտաքին գործոց նախարարը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:
Նախագահը նշած է, թէ հանդիպումը կը կայանայ Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու պահանջով, քանի որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նոյն օրը ՀՀ Ազգային ժողովի ամպիոնէն Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը հանրութեան մէջ լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է:
«Մեր հանրութիւնը շատ յստակ պահանջներ է ներկայացնում, որոնց պէտք է ընդառաջ գնանք՝ կազմակերպելով շահագրգիռ ու բազմակողմանի քննարկումներ»,– ընդգծած է Նախագահը: