Յունուար 31-ին, Լոս Անճըլըսի մէջ ՀՀ աւագ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան հանդիպում ունեցած է Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) տնօրէն դոկտ. Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, ԵՊՀ-ի Միջազգային համագործակցութեան գրասենեակի ղեկավար դոկտ. Ալեքսանդր Մարկարովի եւ ԵՊՀ-ի Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Վահագն Ագլեանի հետ։ ԵՊՀ-ի պատուիրակութիւնը Լոս Անճըլըս ժամանած էր Արիզոնայէն, որուն պետական համալսարանին հետ Երեւանի պետական համալսարանը ունի ամուր համագործակցային յարաբերութիւններ։
Տնօրէն Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ պատուիրակութեան անդամները Արմէն Բայբուրդեանի հետ քննարկած են Գալիֆորնիոյ պետական եւ մասնաւոր լաւագոյն համալսարաններու ու կրթական այլ հաստատութիւններու հետ համագործակցութիւն հաստատելու մտադրութեան գործնական ուղղութիւնները։
Համագործակցութեան օրակարգի կիզակէտին եղած է նաեւ ամերիկեան կրթական հաստատութիւններու հայագիտական կեդրոններուն հետ սերտ կապերու հաստատումը։ Աւագ հիւպատոսը պատրաստակամութիւն յայտնած է ԵՊՀ-ի նախաձեռնութեան աջակցելու՝ կրթական ոլորտէն ներս սերտ կապեր հաստատելու գործին մէջ։
Կազմակերպութեամբ ՀՀ աւագ հիւպատոսութեան՝ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Նորթրիճի մէջ Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի (CSUN) տեսուչ դոկտ. Էրիքա Պէքի, փոխտեսուչ դոկտ. Մերի Ուոքըրի եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար Վահրամ Շեմասեանի հետ։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, մասնակիցները փոխադարձաբար ներկայացուցած են Երեւանի եւ Գալիֆորնիոյ Պետական համալսարանները, ուրուագծած՝ բնագաւառները, որոնք հեռանկարային են համագործակցութեան համար։ Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ կ’ուսանին քանի մը հազար հայ ուսանողներ, ինչ որ լրացուցիչ գործօն մը կրնայ հանդիսանալ սերտ գործակցութիւն ծաւալելու համար։ Տնօրէն Էրիքա Պեք սիրով ընդունած է տնօրէն Յովհաննիսեանի առաջարկը՝ աշնան այցելելու Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ Երեւանի Պետական համալսարանի հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու եւ համագործակցութեան հետագայ ձեւաչափը յստակացնելու համար։
ԵՊՀ-ի պատուիրակութիւնը, աւագ հիւպատոս Բայբուրդեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է «Գալիֆորնիոյ հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոն»-ի Կլէնտէյլ քաղաքը գտնուող շինարարական հրապարակը։ Թանգարանի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան եւ թանգարանի շէնքի ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան տնօրէն Յովհաննիսեանին ներկայացուցած են նախագծին մանրամասնութիւնները։ Աւագ հիւպատոսութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է, ըստ որուն Երեւանի մայր համալսարանին մասնագէտները պիտի աջակցին Հայ-ամերիկեան թանգարանի պատասխանատուներուն՝ բովանդակային նախագծերու իրականացման գործին մէջ։ Ասոր կողքին, ԵՊՀ-ի ուսանողները պիտի կարենան վերապատրաստուիլ թանգարանին մէջ՝ վերջինիս բացումէն ետք։
Փետրուար 1-ին ԵՊՀ-ի պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Կլենտէյլի հանրային գոլէճը (GCC), ուր հանդիպում մը տեղի ունեցած է հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմինէ Յակոբեանի, խորհուրդի անդամ Սեւան Պէնլեանի, Գոլէճի նախագահ Տէյվիտ Վայարի եւ ուսումնական հարցերու փոխնախագահ Մայքըլ Ռիթթերպրաունի հետ։ Գոլէճին պատասխանատուները ներկայացուցած են կրթական հաստատութեան առանձնայատկութիւնները, կրթական կարողութիւններն ու զանազան ազգերէ ուսանողներուն մատուցուող ծառայութիւնները։
Գոլէճին մէջ կ’ուսանին 4600 հայ ուսանողներ, ինչ որ յաւելեալ խթան մըն է Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցելու եւ կամուրջներ ստեղծելու համար։ ԵՊՀ-ի տնօրէնը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի մայր համալսարանը՝ նախաձեռնուած բարեփոխումներուն ուրուագիծը, կրթական ծրագրերն ու օտարեր ուսանողներու ուսման կարելիութիւնները։
Դոկտոր Մարկարով իր կարգին ներկայացուցած է ԵՊՀ-ի միջազգային համագործակցութեան բնագաւառէն ներս արձանագրուած տպաւորիչ նուաճումները։ Ըստ հանդիպումին կայացած համաձայնութեան՝ Կլենտէյլի հանրային գոլէճին ուսանողները ամռան առիթ պիտի ունենան մէկ եռամսեայ ուսանելու Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Համագործակցութիւնը կանոնաւոր հիմքերու վրայ դնելու համար, հանդիպման մասնակիցները որոշած են յաջորդ հանդիպման ընթացքին ստորագրել համագործակցութեան յուշագիր մը՝ նախապէս համաձայնելով փաստաթուղթին նախագծին շուրջ եւ յստակացնելով փոխադարձ հետաքրքրութեան ոլորտները։
Արմէն Բայբուրդեանի ուղեկցութեամբ՝ ԵՊՀ-ի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում մը ունեցած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ, որուն հետ քննարկուած են ԵՊՀ-ի կրթական ծրագրերու աջակցութեան առնչուող հարցեր։ Առաջնորդ սրբազանը իր լիարժէք զօրակցութիւնը յայտնած է ներկայացուած ծրագրերուն։
ԵՊՀ-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է Լոս Անճըլըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Փրոմիս» հայկական հիմնարկի տնօրէն Անն Քարակէօզեանի, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի «Նարեկացի» հայկական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի վարիչ դասախօս Փիթեր Քաուիի հետ։ Քննարկուած են համագործակցութեան առնչուող հարցեր։