«Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործելը՝ Ալիեւի բացայայտ բռնատիրական “բեմագրութիւն”-ն է»
ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը «թուիթըրեան» իր հաշիւին գրած է.-
«Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործելը բացայայտ բռնատիրական “բեմագրութիւն” է։
Ամբողջ աշխարհի ժողովրդավարները պէտք է անյապաղ դատապարտեն կազամատակարարման հարկադիր դադրեցումը եւ Ալիեւի ու անոր վստահելի անձերուն կողմէ իրականացուող շրջափակումը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղաշարժի ազատութիւնը պէտք է վերականգնուի»,– նշուած է Յանձնաժողովի գրառման մէջ։
Նշենք, թէ նախորդ օր ալ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս թուիթըրեան իր էջով Ազերպայճանին կոչ ըրած էր վերականգնելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։