Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ. 64 գոնկրէսականներ միացած են Ազերպայճանը զինուորական օժանդակութենէն զրկելու նախագիծին

Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակէն Ապրիլ 29-ին հաղորդած են, որ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի 46 անդամներ Ապրիլ 28-ին նամակով մը դիմած են Յատկացումներու յանձնաժողովի նախագահին՝ խնդրելով դադրեցնել Ազերպայճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը եւ 150 միլիոն տոլար յատկացնել Հայաստանին ու Արցախին, որպէսզի դիմագրաւեն Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարուցուած մարդասիրական եւ անվտանգութեան ճգնաժամերը։

Այս երկու ուղղութիւնները Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններէն են, որոնց իրականացման համար մշտապէս աշխատանք կը տարուի նաեւ ԱՄՆ-ու մէջ գործող այլ ժողովուրդներու համայնքային կազմակերպութիւններուն ներդրումով։

Մեկնաբանելով բաւական մեծ թիւով գոնկրէսականներու միացումը յիշեալ նախաձեռնութեան՝ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնած  է․– “Մենք կանգնած ենք Գոնկրէսի 64 անդամներու կողքին, որոնք 2023 տարուան համար կոչ կ’ուղղեն բաւական ազդու օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախին եւ Հայաստանին, հակազդելու Ազերպայճանի շարունակուող յարձակումներուն եւ իրապէս փոխելու շուրջ 100.000 Հայերու կեանքին որակը։

Մենք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակենք աշխատիլ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ, որ ամերիկեան հարկատուներու գումարները չօգտագործուին Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան օգնելու եւ աջակցելու համար”։

Հայաստանին 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու իրենց առաջարկի հիմնաւորումը օրէնսդիրները բացատրած են այն հանգամանքով, որ պիտի օգնէ ամրապնդելու ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւնը, ամրապնդելու ամերիկեան ներկայութիւնը եւ մեծցնելու ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ։

Օրէնսդիրները իրենց նամակին մէջ նաեւ կարեւոր համարած են, որ «907-րդ բանաձեւ»-ի կատարումը ամբողջապէս վերականգնուի, որով կ՚արգիլուի Ազերպայճանին ամերիկեան արտաքին օժանդակութեան տրամադրումը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարած են հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը սերտօրէն կը գործակցի Ֆ․ Փալոնի եւ Գոնկրէսի հայկական յանձնախումբի ղեկավարութեան հետ՝ հայանպաստ այս նախագիծի իրագործումը ապահովելու համար։

Այս առումով Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ամերիկահայ համայնքէն աւելի քան 50․000 նամակներ ուղարկուած են գոնկրէսականներուն՝ յանձնախումբի ելեկտրոնային յատուկ հարթակին միջոցով։