Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ցամաքային զօրքերու հրամանատարները

 

Յունուար 24-ին, Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ցամաքային զօրքերու հրամանատարները։

Հիքմեթ Միրզոեւի եւ Սելչուք Պայրաքթարօղլուի հանդիպման մասին կողմերը մանրամասնութիւններ չեն յայտնած։ Սակայն, նախապէս հաղորդուած էր Հայաստանին սահմանակից Կարսի մէջ թուրք-ազերպայճանական ռազմափորձերու մասին, որոնք կ՚ընթանան ցուրտ եւ ձիւնոտ եղանակի պայմաններու տակ։