Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անգարա կը մեկնաբանէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման հարցը

 

«Թուրքիա՝ Ազերպայճանի շահերուն հակասող որեւէ քայլի պիտի չձեռնարկէ»

Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըչ Azertac-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, թէ «Թուրք-հայկական սահմանի բացման վերաբերող ապատեղեկատւութիւն տարածելու միջոցով հասարակական կարծիքը շահարկելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան»։

Ըստ Քըլըչի՝ «թուրք-հայկական սահմանի անցակէտի բացման մասին կեղծ տեղեկութիւններու ետին կանգնած են Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միասնութեամբ եւ սերտ համագործակցութեամբ մտահոգուած շրջանակները: Որոշ լրասփիւռներու պնդումները, որ իբրեւ թէ Անգարա բացած է Հայաստանի հետ սահմանը՝ առանց այդ մասին Պաքուն տեղեկացնելու, նպատակ ունի վնասելու Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի եղբայրութեան»։ Ան վստահեցուցած է թէ  թրքական իշխանութիւնները ազերպայճանական կողմին հետ սերտօրէն կը համակարգեն եւ կը քննարկեն Երեւանի հետ կապուած որեւէ քայլ։

Թուրքիոյ նախկին դեսպանը յիշեցուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու բազմիցս կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշման մասին։ “Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ մի՛այն Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումէն ետք”,– ըսած է Քըլըչ:

Ան նաեւ մէջբերած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեանց վարչութեան առընթեր Ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կեդրոնի (DMM) յայտարարութեան բնագիրը՝ Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար «Մարգարա» անցակէտի առժամեայ բացման մասին։

«DMM» յայտնած է, որ 2025 Փետրուար 24-ին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցերու Թուրքիոյ բանագնաց, դեսպան Սերտար Քըլըչ տեղեկացուցած է Անգարայի մէջ Ազերպայյճանի դեսպան Ռաշատ Մամետովը՝ Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստանի իշխանութիւններու մտադրութեան մասին, իսկ 2025 Փետրուար 26-ին Երեւանի այդ նախաձեռնութեան մասին տեղեակ պահուած է Անգարա գտնուող Ազերպայճանի նախագահի օգնականը՝ Հիքմէթ Հաճիեւը։

“Այս ամէնը անգամ մը եւս կը հաստատէ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ գործողութիւններու համակարգումը”,– ըսած է Քըլըչ՝ աւելցնելով, որ «ո՛չ ոք կրնայ սեպ խրել երկու եղբայրական երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ»։