Էտկար Տըկայի կտաւի «Ռուս պարուհիները» այլեւս ռուս չեն. Լոնտոնի ազգային պատկերասրահին մէջ նկարը վերանուանած են «Ուքրաինացի պարուհիները»:
Նկարին անուանումը երկար տարիներ եղած է բանավէճի, ինչպէս նաև գիտական հետազօտութիւններու առարկայ:
Ուքրաինայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Անգլիոյ մայրաքաղաքի ուքրաինական սփիւռքին պահանջը եւ պատկերասրահի աշխատակիցներէն մէկը վերջակէտ, աւելի ճիշդ՝ ստորակէտ դրած են գիտական վէճին:
Էտկար Տըկա՝ «Ռուս պարուհիները» փասթել կտաւներու շարքը ստեղծած է 1899-ին: Կ՚ենթադրուի, որ տպաւորապաշտ նկարիչը ներշնչած են Փարիզ հիւրախաղերու եկած՝ Ռուսական կայսրութեան պարախումբերը:
Պատկերասրահի ներկայացուցիչները ըսած են, թէ նկարին անուանումը շտկած են ընթացիկ քաղաքական միջավայրին համապատասխան, «որպէսզի ան աւելի լաւ ցոլացնէ պատկերին էութիւնը»…:
«Եթէ անհեթեթութիւնը սպանէր» ֆրանսական ասացուածքը անկասկած երբեք այս աստիճանի չէր պատշաճած իրավիճակի մը։