Յունուար 26-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքէ ազատ կացուցած է իր օգնական Նայիրի Սարգսեանը։
Նայիրի Սարգսեան
Նոյն օրը armlur.am տեղեկացուցած է, թէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախագահի թեկնածուն է ԿԳՄՄ-ի նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, որ այժմ կը վարէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը։
Ըստ նոյն աղբիւրին Նայիրի Սարգսեան պիտի փոխարինէ Արայիկ Յարութիւնեանը։