Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Ուրուկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացման արարողութեան

Մարտի 21-22 Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կ՚այցելէ Ուրուկուայ։ Ան հանդիպումներ կ՚ունենայ իր պաշտօնակից Օմար Փականինիի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ։

Միրզոյեանի պաշտօնական այցի ընթացքին տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի դեսպանութեան բացման պաշտօնական արարողութիւնը։