Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին։
Լուրը հաղորդած է ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարը, Դիմագիրքի իր էջով։
Յայտնենք, թէ նախապէս Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, թէ սոյն խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւիրած է նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը։