Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արման Եղոյեան՝ ֆրանսախօսութեան տարածաշրջանային համաժողովին.– “Ցարդ տասնեակներով հայ ռազմագերիներ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ”

ՀՀ Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածաշրջանի պատուիրակութիւններու նախագահներու՝ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին բարձրացուցած է Հայաստանի, Արցախի անվտանգութեան և մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցերը։

“2020 Սեպտեմբեր 27-ին, երբ աշխարհ կը պայքարէր COVID-19 համաճարակին դէմ, Ազէրպայճան, իր դաշնակիցներուն եւ վարձկան գրոհայիններու օգնութեամբ, լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն դէմ։ Ու թէեւ մարդասիրական որոշ կազմակերպութիւններ եւ որոշ պետութիւններու ղեկավարներ շատ արագ տեղի ունեցածին ճիշդ գնահատականը կատարեցին, բայց այդքանը բաւարար չէր: Նախագահ Մաքրոն առաջիններէն էր որ անմիջապէս արձագանգեց ստեղծուած իրավիճակին եւ բացէ ի բաց յայտարարեց, թէ Ազէրպայճան Հայերուն դէմ կռուելու համար Սուրիայէն ճիհատականներու խումբեր փոխադրած է Լեռնային Ղարաբաղ։ 

Human Rights Watch-ը հաստատեց, որ Ազէրպայճան պատերազմին օգտագործած է բեկորային ռումբեր։ «Genocide Watch»-ը զգուշացուց, որ Ազէրպայճան նպատակ ունի ոչնչացնելու Լեռնային Ղարաբաղի հայկական բնակչութիւնը։ Տակաւին վերջերս, Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, ուր կը դատապարտուի Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ա՛յն տարածքներուն մէջ, որոնք անցած են Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ”,– նշած է Արման Եղոյեան։

Ան յիշեցուցած է, որ միջազգային իրաւունքի աղաղակող ոտնահարումով, Ազէրպայճան թիրախ ընտրած էր քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառոյցները, կը ռմբակոծէր քաղաքները, կ՚օգտագործէր ֆոսֆորային ռումբեր ու դաժանօրէն հաշիւ կը մաքրէր ա՛յն ծերերուն հետ, որոնք չէին յաջողած լքել իրենց տուները ազէրպայճանական յառաջխաղացումէն յետոյ: Արման Եղոյեան ընգծած է, որ ցայսօր տասնեակներով հայ ռազմագերիներ կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ, եւ Ազէրպայճան կը մերժէ զանոնք վերադարձնել։

“Ու այս դժուար օրերուն, հայ ժողովուրդը, որ հազարաւոր տարիներ ապրած էր իր հայրենիքին` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, միջազգային հանրութեան կողմէ չստացաւ նոյն աջակցութիւնը (ակնարկելով ներկայիս ուքրաինացի բնակչութեան ցուցաբերուած հետաքրքրութեան – «ՆՅ»)։ Ինչո՞ւ։ Հարցը հոս աշխարհաքաղաքականութի՞ւնն էր, թէ՞ արժէքները։ Նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ պատճառը աշխարհաքաղաքականութիւնն էր, նոյնիսկ այդ պարագային, արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը այս կամ այն կերպ կապուած չէ՞ր այսօր Ուքրաինայի մէջ տեղի ունեցողին հետ։ Ես այս հարցը բաց կը ձգեմ, եւ դուք կրնաք մտածել այդ ուղղութեամբ։ Եւ ի՞նչ կը կարծէք, ինչպէ՞ս կրնայ որեւէ պետութիւն, որեւէ կառավարութիւն, վտարել որեւէ բնակչութիւն իր հայրենի քաղաքէն ու գիւղէն, եւրոպական ո՞ր պետութիւնը կրնայ նման բան ընել առանց եւրոպական արձագանգին թիրախ դառնալու։ Ո՛չ մէկը։ Բայց ինչո՞ւ այդ կարելի եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Մտածեցէ՛ք այս հարցին շուրջ ալ”,– եզրափակած է Արման Եղոյեան: