Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Արմէնփրէս»-ի «Նոր գիրք» նախագիծը

«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը հանրութեան կը ներկայացնէ իր հեղինակային «Նոր գիրք» նախագիծը: Լրասփիւռը ամէն երկուշաբթի ընթերցողի դատին պիտի յանձնէ հայաստանեան հրատարակչութիւններու լոյս ընծայած գիրքերը:

Ընթերցասէրները «Արմէնփրէս»-ի էջերուն մէջ առիթ պիտի ունենան տեղեկութիւն ստանալու նոր գիրքերու մասին, ծանօթանալու դասական գործերու և արդի գրականութեան զարգացման միտումներու:

Այս շաբաթ առանձնացուած են 2021-ի վերջերուն հրատարակուած տարբեր հրատարակչութեանց ուշագրաւ երեք հատորներ.- Առաքել Սեմիրջեան՝ «Կապտահեր Կէօրես. Ո՞ւր», թարգմանական գրականութիւն՝ Էրիխ Մարիա Ռեմարկ՝ «Վերադարձ» եւ վաւերագրական գրականութիւն՝ Ռոբին Շարմա՝ «Առաւօտեան ժամը 5-ի ակումբը»։