Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի ամբողջ տարածքը կազամատակարարումէ զրկուած է 

Հայաստանէն Արցախ երկարող հիմնական կազատարի վնասուելուն հետևանքով, Մարտ 7-ին Արցախի ամբողջ տարածքը կազամատակարարումէ զրկուած էր։

Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն եւ իրաւապահ մարմիններուն հետ քննարկումներէն ի յայտ եկած է, որ կազատարը վնասուած է այն հատուածին մէջ, որ կը գտնուի ազէրպայճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ։

«“Արցախկազ” ընկերութեան մասնագէտները եւ իրաւապահ մարմինները չեն կարողանում յստակ նշել՝ արդեօք վթարը տեղի է ունեցել տեխնիկակա՞ն պատճառներով, թէ՞ ադրբեջանական կողմի գործողութիւնների հետեւանքով, նկատի ունենալով, որ ադրբեջանական կողմը խոչընդոտում է թէ՛ Արցախի իրաւապահների, թէ՛ կազամատակարարող ընկերութեան մասնագէտների վթարի վայր  մեկնումը։

Կազամատակարարման վերականգնման խոչընդոտելը ադրբեջանական կողմի՝ Արցախում մարդասիրական բնագաւառում խնդիրներ յարուցելու եւ բնականոն կեանքը խաթարելու դիտաւորութեան ապացոյցն է»,– նշուած է Արցախի ՄԻՊ-ի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։