Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը պաշտօնական գրութեամբ դիմած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին

Կը պահանջուի խաղաղապահ լրացուցիչ ուժեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Մարտ 25-ին տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած է պաշտօնական գրութեամբ դիմելու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մեկնելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակէն եւ 2020 Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն:

Նամակին մէջ, նախ ընդգծուած է, թէ Արցախի ռուսական խաղաղապահներու տեղակայման օրէն սկսեալ, ընդհանուր առմամբ, զօրախումբը գործած է բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները։

Ազէրպայճանական ռազմաքաղաքական իշխանութեան կողմէն յարուցուած բազմաթիւ հարցեր լուծուած են զօրախումբին անմիջական, արագ և գործուն մասնակցութեամբ, որուն շնորհիւ Արցախի մէջ ձեռնամուխ եղած են պատերազմի պատճառած հետեւանքներու յաղթահարման։ Սակայն 2022 Մարտ 8-էն սկսեալ ազէրպայճանական կողմը մեծ ուժգնութեամբ ձեռնարկած է հոգեբանական, ապա նաեւ զինուորական յարձակման:

Մանրամասնօրէն շարադրելով Մարտի սկիզբէն սկսած ազէրպայճանական յարձակողական գործողութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ, ներառեալ՝ Փառուխի ու յարակից տարածքներու դէմ զինուորական յարձակումը՝ նամակի վերջաւորութեան ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ.-

«Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում է կայացրել դիմելու Ձեզ՝ խնդրելով ձեռնարկել միջոցներ՝ Ադրբեջանի ղեկավարութեան կողմից պահպանելու 2020 Նոյեմբեր 9-ին ընդունած յայտարարութեան դրոյթները։ Արցախի ժողովրդին անհրաժեշտ են անվտանգութեան պայմաններ, որպէսզի բնակուենք մեր պատմական հողում ու զբաղուենք պատերազմի վէրքերի բուժմամբ։

Բայց, ինչպէս ներկայացուեց, Ադրբեջանի նախայարձակ գործողութիւնները հնարաւոր չեն դարձնում զբաղուել խաղաղ առօրեայով, ուստի գտնում ենք, որ անհրաժեշտ են անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներ։ Ըստ այդմ, գտնում ենք, որ յայտարարութեան դրոյթներով նախատեսուած խաղաղապահների անձնակազմի եւ այն սպասարկող թեքնիք միջոցների քանակն անբաւարար են Արցախում խաղաղապահ առաքելութեան լիարժէք գործունէութեան համար՝ հաշուի առնելով Ադրբեջանի ռազմական նկրտումների աճող և ընդլայնուող բնոյթը։ Խնդրում ենք Ձեզ՝ ադրբեջանական ընթացիկ յարձակումը զսպել, ադրբեջանական զինուած ուժերը իրենց նախկին դիրքերը վերադարձնել, եւ վերանայել Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի ներկայ թիւն ու սպասարկող միջոցների քանակը, համապատասխանաբար աւելացնելով զինուորների ու զինուորական տեխնիկայի միջոցները։

Աւելացնենք, որ խաղաղապահ զօրակազմի հետ Արցախի իշխանութիւնները ձեւաւորել են կառուցողական աշխատանքային փոխյարաբերութիւններ»։