Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի խորհրդարանը միաձայն ընդունած է բռնագրաւուած տարածքներու վերաբերեալ օրէնքը

Փետրուար 16-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստի օրակարգին մէջ ընգրկուած էր բռնագրաւուած տարածքներու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը։

Սոյն օրինագծին համահեղինեկներն էին ԱԺ-ի բոլոր խմբակցութիւնները եւ խորհրդարանի նախագահը։

Զեկոյցներէն յետոյ  տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, Արցախի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է բռնագրաւուած տարածքներու վերաբերեալ ԱՀ օրէնքը:

Սոյն օրէնքը կը սահմանէ 1991-1994 և 2016 թուականներուն Ազէրպայճանի եւ 2020 թուականին Թուրքիոյ եւ օտար զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ազէրպայճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ գործուած ռազմական յարձակման հետեւանքով բռնագրաւուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակին ու անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ դրութեան՝ պետական կառավարման և տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններուն, մարդկային և քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձերու իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները։ 

Օրէնքին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւուած տարածքները Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մասն են, որոնք ենթակայ են Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան: