Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ Պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեանի ուղեկցութեամբ, Դեկտեմբեր 31-ին այցելած է առաջնագիծ և Ամանորի ու Սուրբ ծննդեան տօներուն առթիւ շնորհաւորած Պաշտպանութեան բանակի դիրքապահ զինուորները:
Ան ընդգծած է, թէ գալ տարի պիտի շարունակուին աշխատանքները՝ ծառայութեան պայմաններու բարելաւման, բանակի վերակառուցման և բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ: “2022-ին իշխանութիւններն անելու են հնարաւորն Արցախի անվտանգութեան մակարդակը նոր աստիճանի բարձրացնելու համար”,– նշած է ԱՀ նախագահը։