Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 25-ին Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ հրաւիրած է:
Երկրին ղեկավարը նշած է, թէ վերջին օրերուն Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը հարկադրեն նոր օրակարգ ձեւաւորելու, քանի որ ազէրպայճանական կողմը ակնյայտօրէն կ՚ապակայունացնէ իրավիճակը:
“Ռուս-ուքրաինական հակամարտութիւնը ենթադրում էր, որ ադրբեջանական կողմն օգտուելու է առիթից եւ Արցախում դիմելու է տարբեր սադրանքների: Ինչպէս կազամատակարարման խափանմամբ, այնպէս էլ Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղ եւ յարակից տարածքներ ներխուժումով ու մարտական որոշակի գործողութիւնների հրահրումով, Ադրբեջանի իշխանութիւնները ցոյց տուեցին, որ չեն յարգում ո՛չ 2020-ի Նոյեմբերին ընդունած եռակողմ յայտարարութիւնը, ո՛չ դրանից յետոյ տարբեր մակարդակներով ստանձնած քաղաքական պարտաւորութիւնները:
Այնուամենայնիւ, ցանկանում եմ յորդորել մեր ազգաբնակչութեանը՝ պահպանել հանդարտութիւն, քանի որ, չնայած ծագած դժուարութիւններին ու յարուցուած խոչընդոտներին, մենք Արցախում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ շարունակում ենք սերտ աշխատանքը՝ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ”,– յայտնած է նախագահը։
Նիստին, մարտական դիրքերու կացութեան վերաբերեալ զեկուցած է ԱՀ Պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան:
Քննարկուած են առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղուած շարք մը հարցեր: