Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախցիները ընկերային ցանցերու մէջ գրած են՝ «Մենք՝ բոլորս Արայիկ Յարութիւնեան ենք»

Ազէրպայճանի գլխաւոր դատախազին սպառնալիքին ի պատասխան, ընկերային ցանցերու մէջ Արցախցիները՝ նախագահին պատկերին կից գրած են՝ «Մենք՝ բոլորս Արայիկ Յարութիւնեան ենք, մեր նախագահին կողքին ենք»։

Իր կարգին, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան յայտարարած է.– «Այս անգամ թշնամին թիրախաւորել է Արցախի նախագահի ինստիտուտը, ինչը փաստում է, որ Արցախի պետականութիւնը բառիս բուն իմաստով վտանգուած է: Թիրախաւորելով ԱՀ նախագահին, Ադրբեջանը թիրախաւորում է ողջ Արցախցիներիս:

Ես որպէս Արցախցի, որպէս Հայ, որպէս հոգեւորական դատապարտում եմ Ադրբեջանի ապակառուցողական որոշումները: Ի գիտութիւն Ադրբեջանի` Արցախցիներս կանգնած ենք մեր նախագահի կողքին եւ պատրաստ ենք ապահովել մեր նախագահի անվտանգութիւնը»: