Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Ազերպայճան պղծած է Հադրութի եկեղեցին. հանուած է խաչը,  ջնջուած՝ հայկական արձանագրութիւնը

Ապրիլ 27-ին ազերպայճանական իշխանամերձ լրատու գործակալութիւնները «Հադրութի մէջ նշած են Զատիկը» վերնագրով նիւթեր տարածած են՝ հրապարակելով նաեւ Հադրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիէն նոր լուսանկարներ։ Լուրը հաղորդած է war.karabakhrecords.info կայքը։

Լուսանկարներու ուսումնասիրութիւնը յստակ ցոյց կու տայ, որ եկեղեցիին խաչը հանուած է։

Այս ամէնը Ազերպայճանի կողմէ ծրագրուած քաղաքականութեան հետեւանք է, եւ այդ մասին կը վկայեն մասնաւորապէս այդ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները։

Ամիսներ առաջ Ազերպայճանի Մշակոյթի նախարար Անար Քեարիմով յայտարարած էր, թէ կը ստեղծուի «աշխատանքային խումբ» մը, նպատակ ունենալով վերացնել Արցախի բռնագրաւուած յուշարձաններէն հայերէն արձանագրութիւններն ու հայկական հետքերը։

Նախապէս նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հադրութի շրջանը գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի այցի ժամանակ հրահանգած էր ջնջել հայկական արձանագրութիւնները՝ չթաքցընելով հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ Ազերպայճանի որդեգրած քաղաքականութեան բուն էութիւնը՝ ոչնչացում, ձեւափոխում եւ իւրացում։

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին կառուցուած է 1621-ին [Մակար Բարխուդարեանց]։ Ան հետագային վերանորոգուած է 1819 թուականին, եւ ճիշդ այդ ժամանակ ալ տեղադրուած է եկեղեցւոյ գմբէթը [«Լեռնային Ղարաբաղի պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները», Մկրտչեան Շ., 1987, Երեւան, էջ 3]։

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին վերջին անգամ վերանորոգուած է 1999-ին Մ. Բաղդասարովի նիւթական օժանդակութեամբ։ Պատերազմէն առաջ Սուրբ Յարութիւնը գործող եկեղեցի էր, պատերազմի ընթացքին չէ տուժած։ Եկեղեցւոյ պղծումը հետեւողական կերպով կատարուած է պատերազմի աւարտէն յետոյ։

Պատերազմէն ետք նոյն ձեւով Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մշակութային վանդալական արարքներու զոհ կը դառնան բոլոր հայկական մշակութային կոթողները։

Նախապէս ալ Ազերպայճանցիները հանած էին Հադրութ գտնուող Սպիտակ խաչ եկեղեցւոյ խաչը, Սուրբ Ղազանչեցոց տաճարի գմբէթը, պղծած՝ Թալիշի եկեղեցին, գրեթէ աւերած՝ Շուշիի Կանաչ ժամը, Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները։ ■