Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Ազէրպայճանցիները կրակած են Կարմիր Շուկայի ուղղութեամբ

Յունուար 10-ին, Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ բնակավայրի յարակից դիրքերէն՝ ազէրպայճանցի զինեալները կրակ բացած են գիւղի ուղղութեամբ, որու հետևանքով այրած է մանկապարտէզի մօտ կայանած քաղաքացիի մը պատկանող կառքը: Լուրը հաղորդած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ)։

Միջադէպի առնչութեամբ տեղեակ պահուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, որ քայլերու ձեռնարկած է հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ։

Արցախի ՊԲ-ը նաև հերքած է ազէրական լրասփիւռներու կողմէ տարածուած այն տեղեկութիւնը, թէ՝ ՊԲ-ի ստորաբաժանումները  կրակ բացած են ազէրպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

Արցախի ոստիկանութիւնն ալ յայտնած է, թէ դէպքին վայրը մեկնած հրշեէջ փրկարարները եւս կրակոցներու թիրախ հանդիսացած են։ Նախնական տուեալներով տուժածներ չկան եւ կացութիւնը համեմատաբար կայուն է։