Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ. Յարգանքի տուրք Ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին

Արցախի Հանրապետութեան գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիները Ապրիլ 2-ին այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած 2016 Ապրիլին, Արցախի դէմ Ազէրպայճանի սանձազերծած պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին: 

Անոնք այցելած են նաեւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու պանթէոն եւ ծաղիկներ խոնարհած՝ զոհերու շիրիմներուն: