Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բերձորի միջանցքը տակաւին փակ կը մնայ

Արցախէն հասած լուրերուն համաձայն՝ Դեկտեմբեր 27-ի երեկոյեան տակաւին փակ կը մնար Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող ճամբան։

Նշենք, որ պահ մը յոյս ծագած էր միջանցքի ապաշրջափակման, ազերպայճանական կողմը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26-ին զայն բանալու մասին յայտարարութիւններ հրապարակած ըլլալով։ Սակայն, ինչպէս միշտ, Ազերիները դրժած են իրենց իսկ յայտարարած յանձնառութիւնը։