Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Բողոքի ցոյցեր՝ ՀԱՊԿ-էն քաշուելու պահանջով

Նենսի Փելոզիի այցին առթիւ, Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 18-ին կազմակերպուած  են հանրահաւաքներ` զայն ողջունելու, բայց նաեւ Միացեալ Նահանգներէն պահանջելու համար քայլերու ձեռնարկել Ազերպայճանի յարձակման դէմ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջելու՝ քաշուիլ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ): Քաղաքացիները այդ բովանդակութիւններով պաստառներով հաւաքուած են «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին մօտ, ուր քիչ ետք ելոյթ պիտի ունենար Փելոզի, ինչպէս նաեւ Ազատութեան հրապարակին վրայ` ՀԱՊԿ-էն քաշուելու պահանջով: Ըստ Ազատութեան հրապարակի ցոյցի մասնակիցներուն՝ ՀԱՊԿ-էն քաշուելով մենք պիտի ստանանք Հայոց պետականութիւն եւ այս համածիրին մէջ՝ մեր երկընտրանքն է` ՀԱՊԿ կամ պետականութիւն։ 

Ռազմական այս դաշինքը, Երեւանի աջակցութեան դիմումին ի պատասխան դէտերու խումբ մը ուղարկած է Հայաստան:

Սոյն կազմակերպութեան առաքելութեան առաջին խումբը՝ ՀԱՊԿ-ի միասնական սպայակոյտի ղեկավար` Անաթոլի Սիտորովի գլխաւորութեամբ, Սեպտեմբեր 17-ին դիտարկում կատարած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանի քանի մը հատուածներուն մէջ:

Սիտորով ըսած է, թէ ՀԱՊԿ-ի համար տհաճ իրավիճակ ստեղծուած է հայ–ազերպայճանական, ինչպէս նաեւ տաճիկա–քիրկիզական սահմանին, ուր եւս վերջին օրերուն տեղի ունեցած են բուռն բախումներ, որոնց պատճառաւ երկու կողմերէն կար առնուազն 81 մեռեալ:

ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան առաջին խումբը Հայաստան ժամանած է Սեպտեմբեր 16-ին, իսկ Կազմակերպութեան ընդհ. քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս պիտի ժամանէ գալ շաբաթ:

Անցեալ շաբաթասկիզբին, սահմանին վրայ ազերպայճանական ռազմական բուռն գործողութիւններու սանձազերծումէն ետք, Երեւան դիմեց ՀԱՊԿ-ին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ Ռուսաստանին։ ՀԱՊԿ-ն որոշեց իրադրութիւնը տեղւոյն վրայ գնահատելու համար առաքելութիւն ղրկել:

ՀԱՊԿ-ի եւ Ռուսաստանի՝ ռազմական օգնութեան փաստացի մերժումէն քանի օր ետք Հայաստանի իշխանութիւնները բարձր մակարդակով սկսան բարձրացնել նշեալ կառոյցէն դժգոհութիւններ եւ ուղղակի պարսաւեցին Ռուսաստանի գլխաւորած դաշինքը՝ անգործութեան մեղադրանքով։