Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի հեղինակաւոր դասախօսներէն փրոֆ. Տիրան Աբէլեան եւ կինը՝ Սեդան, որ հանգստեան կոչուած ատամնաբոյժ է, 100.000 տոլար նուիրած են համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագրին:
Գումարը պիտի յատկացուի համալսարանին մէջ հայագիտութեան մէջ մասնագիտացող ուսանողներուն կրթանպաստներ տրամադրելու նպատակով հիմնադրամ մը հաստատելու ծրագրին։
Փրոֆ. Տիրան Աբէլեան յայտնած է, թէ համալսարանին Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը կարեւոր դերակատարութիւն ունի արեւմտահայերէնի պահպանման ջանքերուն մէջ եւ այդ եղած է իրենց որոշումին գլխաւոր մղիչ ուժը։