Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶ. Ազէրպայճանական ուժերը կրակ բացած են Վերին Շորժայի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ. հայ զինուոր մը վիրաւորուած է

Յունուար 11-ի կէսօրէ ետք, ազէրպայճանական ուժերը կրակ բացած են Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, պատճառ դառնալով հայ զինուորի մը վիրաւորուելուն։ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, թէ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններէն ետք, հակառակորդը լռած է։

Նոյն օրը երեկոյեան հայ-ազէրպայճանական սահմանի կացութիւնը յարաբերականօրէն կայուն էր եւ կը գտնուէր հայկական բանակի ամբողջական վերահսկողութեան տակ։