Անվտանգութեան համաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու համար Միւնիխ գտնուող ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 18-ին հանդիպում ունեցած է գերմանացի գործարարներու հետ: Լուրը հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան։
Հանդիպումին ներկայ եղած են «Veridos», «Giesecke+Devrient(G+D)», «Secunet» և գերմանական այլ նշանաւոր ընկերութիւններու ղեկավարներ և ներկայացուցիչներ:
Միրզոյեանի հանդիպումը Սաուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցին հետ
Փետրուար 19-ին, Միւնիխի մէջ կայացող Անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրին մէջ, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Սաուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակից Ֆայսալ պին Ֆարհան Ալ Սաուտի հետ։
Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր։
Միրզոյեան համոզում յայտնած է, որ առկայ է համապատասխան ներուժ՝ զարգացնելու համագործակցութիւնը՝ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ։
Երկու դիւանագէտները ընդգծած են Հայաստանի եւ Սաուտական Արաբիոյ միջև առևտրատնտեսական կապերու աշխուժացման, ներդրումային ծրագրերու իրագործման և գործարարներու շփումներու հաստատման կարեւորութիւնը։
Նշենք, թէ Միւնիխի մէջ ԱԳ նախարարը տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Իրանի իր պաշտօնակից Ապտոլահիանի հետ։