Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԻՒՄՐԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ – Մարտուն Գրիգորեան. «Մեր քաղաքը» դաշինքը անհրաժեշտ թիւով քուէներ կու տայ Վարդան Ղուկասեանին, առանց որեւէ պաշտօնի ակնկալիքի»

Ապրիլ 4-ին, խախտելով հինգօրեայ լռութիւնը՝ Գիւմրիի արտակարգ ընտրութիւններուն երրորդ տեղը գրաւած Մարտուն Գրիգորեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ իր առաջնորդած «Մեր քաղաքը» դաշինքը անհրաժեշտ թիւով քուէներ կու տայ Համայնավար կուսակցութեան թեկնածու Վարդան Ղուկասեանին, որպէսզի վերջինս քաղաքապետ ընտրուի:

Գիւմրիի քաղաքապետութեան առաջին նիստին Ղուկասեանին՝ քաղաքապետ ընտրուելու համար նուազագոյնը 17 ձայն պէտք է եւ նկատի ունենալով ընդդիմադիր միւս երկու ուժերու աջակցութիւնը՝ Գիւմրիի նախկին քաղաքապետին չորս ձայն եւս կը պակասէր, զորս ալ փաստօրէն կ՚ապահովէ Մարտուն Գրիգորեանի դաշինքը:

Ղուկասեանի հետ վաղեմի հակամարտութիւն ունեցող Գրիգորեան ընդգծած է, թէ այդ կ՚ընէ՝ «առանց որեւէ պաշտօնի, ակնկալիքի ու որեւէ համաձայնութեան»: Ան շեշտած է, թէ դժուարութեամբ կայացուցած է իրեն համար այդ ծանր որոշումը:

Ան նաեւ ըսած է, թէ ընտրական քարոզարշաւի ժամանակ իր եւ իր ընտանիքի ու խումբի անդամներուն  նկատմամբ իշխանութիւններուն կողմէ ծայր առած ճնշումները տակաւին կը շարունակուին։