«Ազէրպայճանական հայատեացութիւնը որպէս հայկականութեան սպառնալիք» թեմայով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ, Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, թէ Ազէրպայճանի մէջ մանկամսուրէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ հայատեացութիւն կը քարոզեն։
“Հարցն այն է, որ մենք պէտք է հասկանանք, թէ ո՛ւմ հետ գործ ունենք։ Այո՛, յանձին Ադրբեջանի, մենք ունենք երկիր, որտեղ ֆաշիզմը պետական գաղափարախօսութիւն է։ Ի՞նչ կայ այդտեղ սխալ, ո՞վ կարող է դրա հետ վիճել։ Բայց դա չի նշանակում, որ մենք էլ ատելութեամբ պէտք է լցուենք, մենք ուղղակի պէտք է ճիշդ պատկերացնենք իրականութիւնը։ Այո՛, Ադրբեջանի պետութիւնը մեզ համար մահացու վտանգ է, այդ երկիրը հայատեացութիւնը ո՛չ միայն քարոզում է իր երկրի ներսում, այլեւ տարածում է իր Սփիւռքում, մի բան, որ նախորդ տարիներին այդքան ընդգծուած չի եղել”,– նշած է նախարարը։
Բաբայեան ընդգծած է, թէ այս գործին մէջ պէտք է ներգրաւուի գիտութիւնը, կատարուին խոր ուսումնասիրութիւններ, արտաքին քաղաքականութեան մէջ պէտք է օգտագործուի գիտակրթական ներուժը, հակառակ պարագային շատ լուրջ խնդիրներու դէմ-յանդիման կը գտնուինք։
Ան աւելցուցած է, որ կենացները բաւարար չեն, պէտք է գործի անցնիլ. երկրի մը մէջ ուր կը հերոսացուի մարդասպան Սաֆարովը, կը վկայէ որ այդ հասարակութիւնը հիւանդ է։
“Դուք կարող էք ու պարտաւոր էք սիրել ձեր ազգը, բայց դա չի նշանակում այլոց նկատմամբ ատելութիւն։ Ո՞վ է աւելի վտանգաւոր, Ադրբեջանցին, որ ատելութիւն չունի Հայի նկատմամբ, թէ՞ մի Հայաստանցի, որ ասում է՝ Ղարաբաղցիները Թուրք են։ Անուններ տա՞մ։ Օրինակ՝ Հախվերդեանը։ Ձեզանից քանի՞սն են գնացել նրա համերգին։ Հիմա հարց եմ տալիս, Արցախը, Արցախցիները ովքե՞ր են հայ ժողովրդի համար”,– իր ելոյթի ընթացքին յայտնած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը։