«Փաշինեան-Ալիև Պրիւսէլեան հանդիպումն ամբողջութեամբ Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի յարաբերութիւններու մասին էր։ Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպումին յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ կերպ չէ յիշատակուած». Ստեփանակերտ այսպէս կը մեկնաբանէ Պրիւսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումը։
Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին տուած հարցազրոյցին վերահաստատած է, որ Ստեփանակերտի կարմիր գիծերը կը շարունակեն մնալ նոյնը՝ Արցախը երբեք Ազէրպայճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ։ “Ստեփանակերտը տարիներ շարունակ միշտ էլ ասել է, որ երկխօսութիւնը աւելի գերադասելի է պատերազմին։ Բնական է, որ մենք ունենք մեր տեսակէտը, դա այն է, որ մենք երբեք չենք լինելու Ադրբեջանի կազմում։ Դա մեզ համար անընդունելի է, անընդունելի եղել է, անընդունելի կը մնայ ընդմիշտ։ Իսկ այս հանդիպումը, ինչպէս մենք տեսանք, հիմնականում եւ միգուցէ լիովին վերաբերում էր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի յարաբերութիւններին”,– յայտնած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարը։