Մարտ 4-ին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի առցանց հանդիպումը՝ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Կողմերը քննարկած են Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, պատերազմի հետեւանքներու վերացման վերաբերող աշխատանքներուն եւ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Բաբայեան ընդգծած է, որ Ազէրպայճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ կապերը՝ միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ, լուրջ սպառնալիք են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար, եւ եթէ ժամանակին չձեռնարկուին համապատասխան միջոցներու, հետեւանքները անդառնալի պիտի ըլլան:
Արտաքին գործոց նախարարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է գոնկրէսական Փալոնին՝ Արցախին մնայուն կերպով աջակցելուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր ժխտումին դէմ պայքարելուն, ինչպէս նաեւ համահայկական տարբեր հարցերու լուծման սատարելուն համար։
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ: