Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՊՀ-ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ. Միջազգային գիտաժողով՝ արձակագիր Յակոբ Կարապենցի յիշատակին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) միացեալ նախաձեռնութեամբ՝ ԵՊՀ-ի Հայկական բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ, Սեպտեմբեր 23-ին կազմակերպուած է միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած արձակագիր Յակոբ Կարապենցի յիշատակին: Բանախօսներու զեկոյցներուն մէջ ընդգրկուած են հեղինակի կեանքին, գործունէութեան, ստեղծագործութեան տարբեր ոլորտներուն առնչուող նիւթեր։ Անոնք ներկայացնելով գրողը, խմբագիրն ու լրագրողը, վերարժեւորած են այն գործերը որոնք ուղենիշ են գալիք շրջանի հայ գրականութեան համար։

Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան նշած է, թէ ընդհանրապէս նման գիտաժողովները նպատակ ունին առաւել համակողմանի ներկայացնելու գրական ա՛յն անունները, որոնք տակաւին քիչ ծանօթ են հանրութեան լայն շրջանակին։ «Յակոբ Կարապենցն այդ անուններից է, եւ այս գիտաժողովը առիթ է ներկայացնելու նրա գրական ժառանգութիւնն ու հասարակական գործունէութիւնը»,- նշած է ան։