Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Երեւանի մէջ կը հիմնադրուի Ֆրանսական հիմնարկը

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի մէջ կը հիմնադրուի Ֆրանսական հիմնարկը։

«Ուրախ եմ, որ Հայաստան գտնուելուս չորս տարիներուն նախագծած, մշակած ու «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ իրագործած եմ Երևանի Ֆրանսական հիմնարկը ստեղծելու ծրագիրը»,– գրած է ան։

Լաքոթի համաձայն՝ Հիմնարկը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ միաւորելու  բոլոր այն ծրագրերը, որոնք երկու երկիրներու մշակութային յարաբերութիւններուն մէջ աւանդ ունին։ Կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացուի ֆրանսական մշակոյթն ու լեզուն:

«Այս Հիմնարկին համար մենք պարտական ենք ա՛յն բոլոր Հայերուն, որոնք կը սիրեն Ֆրանսան, ա՛յն ուսուցիչներուն, որոնք Հայաստանի մէջ կ՚ուսուցանեն մեր լեզուն, ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք հետաքրքրուած են մեր մշակոյթով եւ բոլոր անոնց, որոնք զիրենք կը տեսնեն մեր արժէքներուն մէջ»,– ընդգծած է դեսպանը՝ Հիմնարկին մաղթելով յաջողութիւն։

Լաքոթ նաև հրապարակած է Ֆրանսայի կառավարութեան համապատասխան որոշումը, ստորագրուած 2022 Յունուար 12-ին։