Պրիւսէլի մէջ, Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին նախօրեակին՝ Ապրիլ 5-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու նախաձեռնած հանրահաւաքը՝ «Պաշտպանելով Արցախը՝ պաշտպանենք Հայաստանը» կարգախօսով։ Տրուած ժամադրութեան ներկայ եղած է քանի մը հազար հոգի։
Հանրահաւաքին միացած են քաղաքական շարք մը ուժեր, որպէս առանցքային բնաբան ունենալով Արցախի հարցը։
Հանրահաւաքի կազմակերպիչները յայտնած են, թէ իրենց նպատակն է Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղերձ յղել վերոնշեալ՝ Փաշինեան-Ալիեւ-Շառլ Միշէլ հանդիպումէն առաջ։
Ըստ ընդդիմութեան՝ բանակցութիւններուն յատկապէս պէտք է բացառել Արցախի՝ Ազէրպայճանի կազմին մէջ ընդգրկման տարբերակը, ինչպէս նաեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման աշխատանքներու կատարումը սպառնալիքի տակ։ Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ նաեւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի ներկայի յարաբերութիւններուն մէջ բացառել Ազէրպայճանի մասնակցութիւնը եւ անոնց շաղկապումը հայ-ազէրպայճանական յարաբերութիւններուն հետ, իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն՝ բացառել որեւէ համաձայնութիւն, որ կասկածի տակ կը դնէ Հայոց պահանջատիրութեան, ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը։
Հանրահաւաքի մասնակիցները պարզած են՝ «Արցախը երբեք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում», «Թուրքն իմ թշնամին է» եւ այլ արձանագրութիւններով պաստառներ։
Հանրահաւաքին ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգեան։ Ան յայտնած է թէ յաջորդ օր տեղի ունենալիք հանդիպումին կարելի պիտի չըլլայ յաջողիլ «Արցախը թողնել Ադրբեջանի կազմում, իսկ Հայաստանը դարձնել մշտապէս խաղաղութիւն մուր[աց]ող երկիր»։