Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ապրիլ 3-ին հանդիպում ունեցած է աշխատանքային այցով Երեւան գտնուող Իտալիոյ իր պաշտօնակից Լուիճի Տի Մայոյի հետ։ Հանիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ԱԳ նախարարը կրկնած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Ազէրպայճանի հետ անմիջապէս բանակցելու՝ ամբողջական սկզբունքներու հիման վրայ, Մինսքի համանախագահութեան շրջանակին մէջ։
“Տեղեկացրել եմ, որ Ադրբեջանը առաջարկներ է փոխանցել մեզ, որոնք մենք համարել ենք ընդունելի, բայց ոչ ամբողջական, եւ մենք լրացրել ենք այդ առաջարկները մե՛ր առաջարկներով, եւ բարձրաձայնել մեր պատրաստակամութիւնը անմիջապէս սկսելու բանակցութիւնները այդ ամբողջական սկզբունքների հիման վրայ՝ Մինսկի խմբի համանախագահութեան շրջանակներում”,– ընդգծած է Միրզոյեան։
Նշենք, թէ Հանդիպումին նախարարներ Միրզոյեան եւ Տի Մայօ անդրադարձած են նաեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած եւ տակաւին չլուծուած մարդասիրական խնդիրներուն, նախ եւ առաջ՝ հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման հրատապ հարցին: Այդ առումով Երեւան բարձր գնահատած է Իտալիոյ խորհրդարանին 2021 Մարտին ընդունած բանաձեւը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը ողջունած է նաեւ Արցախի եւ հոն ապրող ժողովուրդի պաշտպանութեան ուղղուած՝ Իտալիոյ շուրջ 50 շրջանային եւ քաղաքային խորհուրդներու ընդունած փաստաթուղթերը:
“Անշուշտ, շարունակում է մտահոգիչ մնալ Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում հայկական մշակութային յուշարձանների ճակատագիրը, եւ պէտք է ընդգծեմ, որ ինչպէս նախկինում, այնպէս էլ այժմ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի տարածաշրջանային այցը այս առաքելութեամբ հրամայական է”,– հանդիպման ընթացքին նշած է Ա. Միրզոյեան:
Իր կարգին իտալացի նախարարը յայտնած է.– “Իտալիա տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքներուն եւ խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներուն մասին։ Իտալիա երբեք չի զլանար իր աջակցութիւնը խաղաղ բնակիչներուն։ Մենք դրական կը գնահատենք բարձր մակարդակի ուղղակի շփումները եւ վճռականօրէն պիտի աջակցինք խաղաղ, ընդհանուր եւ մնայուն լուծման, որ կ՚երաշխաւորէ խաղաղութեան ու կայունութեան հեռանկար՝ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանին, որ իրապէս Եւրոպայի համար ռազմավարական խաչմերուկ կը հանդիսանայ”։ ■