Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Եւրոպայի լաւագոյնս պահուող գաղտնիքը»

«Business Traveller Middle East» համբաւաւոր հանդէսը 2021 Հոկտեմբերի իր թիւին մէջ 7 էջերէ բաղկացած թղթածրար մը նուիրած է Հայաստանին՝ «Եւրոպայի լաւագոյնս պահուող գաղտնիքը» ընդհանուր խորագրին տակ:

Business Traveller Middle East-ի առցանց հարթակը կ՚ունենայ ամսական 1.400.000 այցելութիւն, եւ հանդէսը կը հրատարակուի տարին 10 անգամ: Զայն կարելի է գտնել տարածաշրջանային աւելի քան 20 օդակայաններու մէջ, ինչպէս՝ Տուպայի, Ճետտայի, Ապու Տապիի, Քուէյթի, Շարժայի եւ այլուր:

Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման կառավարական յանձնախումբը Օգոստոսին ընդունած էր լրագրողուհի Մելանի Սվենը: Վերջինս Հայատան գացած էր յայտնաբերելու համար երկիրն ու անոր բնակիչներուն թաքնուած հմայքը: