Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Զարեհ Սինանեան Փետրուար 8–էն 19 կ՚այցելէ Ֆրանսահայ համայնքին

Փետրուար 1-ին Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույոյի հետ՝ քննարկելով Ֆրանսա կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութեան (Փետրուար 8-էն 19) մանրամասնութիւնները:

Այցի շրջանակին մէջ Սփիւռքի յանձնակատարը պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան ընթրիքին։ Այնուհետև հանդիպումներ պիտի ունենայ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ։ Նախատեսուած են նաեւ այցելութիւններ՝ համայնքային եկեղեցիներ, դպրոցներ և մշակութային կեդրոններ:

Զարեհ Սինանեան ընդգծած է ֆրանսահայ համայնքին կարևոր դերակատարութիւնը և այս դժուար օրերուն անոր անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ու պետութեան։ Ան նշած է, թէ Ֆրանսա այցելութեան առաջին նպատակն է համայնքին ներկայացնել Սփիւռքի հետ աշխատանքի քաղաքականութիւնն ու ծրագրերը, օրինակ՝ «իԳործ»-ը, Հայրենադարձութեան և համարկման կեդրոնը, «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» նախաձեռնութիւնը և այլն, ինչպէս նաև քաջալերել Ֆրանսահայերը, որ մասնակցին այս գործընթացներուն։ Այցի երկրորդ նպատակն է քննարկել համայնքի և Հայաստանի միջև համագործակցութեան զարգացման ուղղուած հետագայ քայլերը:

Դեսպանը մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է այս նախաձեռնութեան նկատմամբ և ընդգծած՝ երկու երկիրներու միջև յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ Ֆրանսահայերու կարևոր դերը, յատկապէս՝ տնտեսական, մշակութային և մարդասիրական բնագաւառներէն ներս։ Տիկին Լույօ եւ Սինանեան համաձայնած են այցելութեան աւարտին կրկին հանդիպիլ՝ դեսպանատան եւ յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ համագործակցութիւնը առաւել զարգացնելու հեռանկարով։