ՀՀ ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան և մարզանքի հարցերու մնայուն յանձնաժողովի Մարտ 15-ի նիստին քննարկուած է ՀՀ Կառավարութեան 2022 Փետրուար 28-ի «ՀՀ Կառավարութեան ծրագրին (2021-2026) 2021-ի իրագործման ընթացքի և արդիւնքներու մասին» հաւանութեան արժանացած զեկոյցը:
Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեղեկացուցած է, որ չորս փուլով կազմակերպուած է «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որուն մասնակցած են 24 երկիրներէ ժամանած շուրջ 400 սփիւռքահայ պատանիներ ու երիտասարդներ:
2021-ի «իԳործ» ծրագրի շրջածիրէն ներս, ՀՀ պետական կառավարման համակարգին մէջ ներգրաւուած են 87 սփիւռքահայ բարձրակարգ մասնագէտներ, որոնց 70 տոկոսը հայրենադարձած է: «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին շրջանակին մէջ զանազան երկիրներէ Հայաստան ժամանած է 16 մասնագէտ:
Հայաստան-Սփիւռք իրազեկման ապահովման ծրագրով յանձնակատարի գրասենեակը իրագործած է աշխուժ մետիագործունէութիւն: Պատրաստուած են եռալեզու 30 տեսանիւթ, օրագրային 32 շարք, վաւերագրական 3 ժապաւէն:
Զարեհ Սինանեան ներկայացուցած է հայրենադարձութիւնը խթանելու միտող միջոցառումներն ու նախաձեռնութիւնները, Սփիւռքի հայկական կառոյցներու հետ աշխատանքը: Նշուած է, թէ հայրենադարձած է 3000-է աւելի քաղաքացի: Իրականացած է Լիբանանահայութեան աջակցութեան ծրագիրը, որուն մասնակցած են շուրջ 600 Լիբանանահայ և 30 ընկերութիւն:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ սփիւռքահայ գործարարներուն համար գործարարական բարենպաստ միջավայրի ապահովման ուղղուած քայլերուն, պետական կառավարման համակարգին մէջ Սփիւռքի կարողութիւններու ներգրաւման արդիւնաւէտութեան, հայրենադարձութեան խթանման միտող աշխատանքներուն: