ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էդմոն Մարուքեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան: Լուրը հաղորդուած է e-gov.am կայքէջին վրայ:
Այդ կապակցութեամբ Մարուքեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ վարչապետին առաջարկով պիտի ներգրաւուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ՝ ստանձնելով յատուկ յանձնարարություններու դեսպանի պատասխանատւութիւնը: