Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Էրտողան Փայլանը մեղադրած է դաւաճանութեան յանցանքով եւ զայն որակած է ստոր

Թուրքիոյ նախագահը խստօրէն դատապարտած է խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ ներկայացնելուն համար եւ սպառնացած, որ անոր նկատմամբ համապատասխան գործողութիւններու պիտի ձեռնարկուի։

Ապրիլ 26-ի կառավարութեան նիստէն ետք ունեցած իր ելոյթին Էրտողան, սակայն, չէ բացատրած, թէ ի՛նչ կը սպասէ երեսփոխանին։ Իշխանութիւնները տարիներէ ի վեր կը փորձեն Փայլանը զրկել երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն։

Թուրքիոյ նախագահը Փայլանի քայլը անարգալից, առաւել՝ բացայայտ դաւաճանութիւն որակած է՛ յայտարարելով.– “Ազգային կամքի արտայայտութեան խորհրդանիշ հանդիսացող այդ բարձրագոյն կառոյցին մէջ նման յանդգնութեան դրսեւորումը կը նկատենք ակնյայտ դաւաճանութիւն: Նախապէս, երբեմն բանաւոր կերպով արտայայտուած այս դաւաճանութիւնը օրինագծի մակարդակի հասցնելու հանգամանքը ակամայ հարց կը յառաջացնէ, թէ ով կը գօտեպնդէ այդ ստորները”:

Կարօ Փայլան աննախադէպ համարած է իր նկատմամբ սկսած արշաւը

Փայլան CNN Türk-ին յայտնած է, թէ 2015-էն ի վեր՝ արդէն եօթը տարի է, որ նման օրինագիծ կը ներկայացնէ խորհրդարան եւ այսպիսի դատաստանի չէ ենթարկուած, քանի որ այն ժամանակ Թուրքիոյ մէջ կարելի էր խօսիլ այս հարցերուն շուրջ:

“Ես չեմ փոխուած, կը նշանակէ Թուրքիան փոխուած է: Նախապէս շատ մը քայլեր կ՚առնուէին անցեալի հետ առերեսուելու համար, սակայն այժմ Թուրքիա այդ էջն ալ  փակած է, այսինքն՝ փակած է նաեւ հաւասար, արդար ապագայի էջը”,– նշած է Փայլան:

Deutsche Welle-ի թրքական ծառայութեան հետ զրոյցին ալ հայ երեսփոխանը համոզում յայտնած է, թէ Ցեղասպանութեան հարցը մի՛այն թրքական մէճլիսի մէջ պէտք է քննարկման առարկայ դառնայ.- “Եկէք ուսումնասիրենք այս հարցը, քննարկենք, իբրեւ քաղաքական գործիչներ, իբրեւ Թուրքիոյ խորհրդարան՝ խօսինք այդ մասին: 107 տարի այս նիւթին շուրջ չխօսելու պատճառով է, որ ան քննարկման առարկայ դարձած է այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ՝ Արժանթին, ԱՄՆ, Ռուսաստան, Նետերլանտներ, Ֆրանսա, Պելճիքա…, այն պարագային, երբ Հայոց մեծ եղեռի մասին պէտք է խօսուի մի՛այն Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ եւ մի՛այն թուրք հասարակութեան կողմէ”:

Թուրքիոյ նախագահը իր ելոյթին կոշտ արտայայտուած է նաև խորհրդարանի մէկ այլ երեսփոխանի՝ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեզկին Թանրըքուլուի հասցէին: Ընդդիմադիր երեսփոխանը Ապրիլ 24-ի առիթով «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին գրած էր, թէ «107 տարի առաջ հայ մտաւորականները «աքսորուեցան Չանղըրը, Այաշ, Անգարա եւ ոչնչացուեցան»: Ան ընդգծած է, որ առանց անցեալի հետ առերեսուելու իրական արդարութիւն չի կրնար հաստատուիլ:

Էրտողան այս խօսքերը յերիւրանք որակած է, յայտարարելով որ՝ ազգը ատոր համար հաշիւ պիտի պահանջէ յաջորդ ընտրութիւններուն:

Թուրքիոյ դատախազութիւնը նշեալ երեսփոխանի գրառումէն ետք անոր նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է Քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ինքնութիւնը վիրաւորելուն համար: